Անցեալ շաբաթավերջին վերսկսած էին Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւնները, ուր տեղի ունեցան ակումբներու մրցումները:
Ինթեր Միլանի յառաջապահ Փեթար Սուչիչ Փարմայի դէմ մրցումին կոլ նշանակելէ ետք, այս տարեշրջանին դարձաւ Ինթերի 10-րդ մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ 6 մրցումներէ ետք:
Եւրոպայի 5 լաւագոյն ախոյեանութիւններուն մէջ միայն այլ խումբ մը եւս կայ` Անգլիոյ Պրայթընը, որ իր կարգին 6 մրցումներու ընթացքին ունի 10 տարբեր մարզիկներ, որոնք կոլ նշանակած են այս տարեշրջանին:
Հետաքրքրական այլ բան մըն ալ կայ, որ երկու խումբերն ալ 18-ական կոլեր նշանակած են այս տարեշրջանին: Ինթեր Միլան կը գրաւէ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը, մինչ Պրայթըն կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ դիրքը:


