Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց 16 եւ 18 տարեկանէն վար հաւաքականները, յառաջիկայ տարի իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Որոշումը ընդունուեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահութեան նիստին, որ վարեց ֆետերասիոնին նախագահը` Հրաչեայ Ռոստոմեան:
Նշուեցաւ նաեւ, որ առաջարկ պիտի ներկայացուի Եւրոպայի Գ. դասակարգի 18 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութիւնը Հայաստանի մէջ կատարելու:
Այս տարի Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականները հանդիսացան Եւրոպայի Գ. դասակարգի փոխախոյեան:


