«Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» ընկերութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Լիվըրփուլ ակումբը հանուած է վաճառքի:
Ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.
«Վերջին տարիներուն տեղի ունեցած են շարք մը սեփականատէրերու փոփոխութիւններ: Ստացած ենք բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը փափաքին դառնալ Լիվըրփուլի բաժնետէրերը: Եթէ ստանանք յարմարագոյն առաջարկը, որ պիտի ապահովէ Լիվըրփուլի յաջողութիւնը թէ՛ մարզադաշտին մէջ եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս, պատրաստ ենք ծախելու ակումբը»:
Ընկերութեան հիմնադիր Ճոն Հանրի ակումբին սեփականատէրը կը հանդիսանայ 2010-էն ի վեր:
Այդ թուականէն սկսեալ Լիվըրփուլ տիրացած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսին (2019) եւ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան (2020):


