Կիրակի, 6 նոյեմբերին, Սաժես Պէյրութ, «Սոֆիթել Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց ակումբին նոր մարզիկը` անուանի պասքեթպոլիստ Ֆետի Խաթիպը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Սաժեսի նախագահ Էլի Եահշուշի, ակումբի պասքեթպոլի նախկին նախագահները, մարզիչ Ճօ Ղաթթաս, մարզիկները, խումբին հովանաւոր ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներ:
Իրենց արտասանած խօսքերէն ետք, Եահշուշի եւ Խաթիպ պատասխանեցին լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն: