Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Ռայօ Վայեքանոյին, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-2 արդիւնքով:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, թէեւ հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր առաջին կոլը, սակայն Ռէալ պատասխանեց երկու անգամ, շնորհիւ Լուքա Մոտրիչի (37-րդ` փենալթիով) եւ Էտեր Միլիթաոյի (41-րդ) նշանակած կոլերուն:
Նախքան կիսախաղի դադարը, Վայեքանօ նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (44-րդ), մինչ Բ. կիսախաղին` իր յաղթանակի կոլը (67-րդ` փենալթիով):
Նշենք, որ յաղթական կազմը վերջին կէս ժամը մրցումը կը շարունակէր տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ անոր մէկ մարզիկը 61-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ նահանջեց երկրորդ դիրք` պարագլուխի դիրքը զիջելով Պարսելոնայի, որ ունի 34 կէտ, մինչ արքայական ակումբին կէտերը մնացին 32:


