Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Էտեն Հազար շատ հաւանական է, որ վերադառնայ «Փրեմիեր Լիկ» եւ միանայ Նիւքասըլի:
Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, անգլիական ակումբը պելճիքացի ֆութպոլիստին համար պատրաստ է վճարելու 20 միլիոն եւրօ:
31 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ասթոն Վիլլա իր կարգին հետաքրքրուած է Հազարով:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին պելճիքացի Հազար Ռէալի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է վեց մրցումի, նշանակած կոլ մը եւ կատարած էսիսթ մը:


