Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, նոր պայմանագրութիւն մը պիտի կնքէ պրազիլցի 28 տարեկան յետսապահ Մարքինիոսի հետ:
Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2027, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն «Լ՛Էքիփ»-ը:
Մարքինիոս, որ 2013-ին իտալական Ա. Էս. Ռոմայէն տեղափոխուած էր ֆրանսական ակումբ, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2024:
Մայրաքաղաքի կազմին հետ ան եօթը անգամ հանդիսացած է Ֆրանսայի ախոյեան, վեց անգամ` բաժակակիր, իսկ վեց անգամ ալ` գերբաժակակիր: