Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք Լիբանան-Նոր Զելանտա եւ Լիբանան-Հնդկաստան մրցումներու տոմսերուն վաճառքը կը շարունակուի բաւական մեծ թափով:
Վերոնշեալ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ գտնուող «Փիեռ Ժեմայել»-ի մարզադաշտին մէջ, յաջորդաբար` հինգշաբթի, 10 եւ կիրակի, 13 նոյեմբերին:
Որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տոմսը, Լիբանանի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել տղոց ազգային խումբը:
Նշուեցաւ, որ տոմսակներուն սակերը կը սկսին հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիէն:


