Վերջին տասը օրերուն ընթացքին շարունակական փորձեր կատարած Հայաստանի տղոց ֆութսալի ազգային հաւաքականը այսօր` ուրբաթ, 3 մարտին, կը կատարէ 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումը, երբ կը մրցի Պոսնիոյ դէմ:
Գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը այսօրուան իր այս մրցումը պիտի կատարէ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Նշենք, որ հայրենի կազմը, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած նախորդ երեք մրցումներուն երեք յաղթանակ արձանագրելով ապահոված էր փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Գ. խմբակին մէջ Հայաստան մէկ անգամ յաղթած էր Պոսնիոյ (4-3), իսկ երկու անգամ ալ` Չեխիոյ (4-2 եւ 4-1):


