Անգլիական Չելսիին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվա իր ստացած վնասուածքին պատճառով վեց շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
35 տարեկան ֆութպոլիստը ծունկի վնասուածք ստացաւ Թոթենհամի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին Չելսի պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով:
Ան պիտի բացակայի Պորուսիա Տորթմունտի դէմ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումէն, որ տեղի պիտի ունենայ 7 մարտին:
Նշենք, որ երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, Չելսի կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, Սիլվա Չելսիի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 21 մրցումի եւ կատարած 2 էսիսթ: