Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Եւրոպական ճատրակի ֆետերասիոնէն տեղափոխուեցաւ Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոն:
Անիկա այս որոշումը կայացուց 28 փետրուարին, Ասիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին ընթացքին:
Նախապէս Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ դէմ չէ այս տեղափոխութեան, եթէ Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը ատոր արգելք չի հանդիսանար:
Նշենք, որ Ռուսիոյ տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը վերջին շրջանին չեն մասնակցիր միջազգային մրցաշարքերուն, մինչ անհատական մրցումներուն ռուս ճատրակ խաղացողները ելոյթ կ՛ունենան ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ: