Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա, շատ հաւանաբար հեռանայ իր կազմէն` Ա. Էս. Ռոմայէն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Ընթացիկ տարեշրջանին 29 տարեկան Տիպալա իր խումբին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին ցարդ կատարած է 24 մրցում, նշանակած 12 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: