Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող սպանացի թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս, որ վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Աքափուլքոյի թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Անոր ստացած վէրքին տարողութիւնը այդքան ալ մեծ չէ, եւ շատ հաւանաբար ան յառաջիկայ շաբաթ վերադառնայ թենիսի դաշտերը:
Նշենք, որ 19 տարեկան Ալքարաս նախորդ փետրուարին տիրացած էր Պուենոս Այրեսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, մինչ Ռիոյի մրցաշարքին հասած էր աւարտականին: