Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Բ. դասակարգին մաս կազմող Անըսի ստեղծեց բաւական մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մարսէյը անոր դաշտին` «Օրանժ-Վելոտրոմ»-ի մէջ:
Անըսիի արձանագրած այս յաղթանակը եղաւ պատմական` նկատի ունենալով, որ անիկա այս մրցաշարքին գծով առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, որմէ ետք ուղղակի, առանց երկարաձգման դիմուեցաւ փենալթիներու:
Անըսի, արձանագրելով 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը, մրցաշարքէն դուրս ձգեց հիւրընկալ կազմը` անոր շուրջ 64 հազար համակիրներուն ներկայութեան:
Նշենք, որ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Լիոն, Թուլուզ եւ Նանթ: