Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին Ալմերիայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումին վիրաւորուեցաւ:
Քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ձախ ազդրի վնասուածքի պատճառով ան երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի նաեւ այսօր ախոյեան Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումէն, որ տեղի պիտի ունենայ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերած է 20 մրցումի, նշանակած 15 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:


