Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը, որ Վրաստանի Կորի քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան` Կէորկի Քանտելաքիի անուան միջազգային մրցաշարքին, տիրացաւ 9 մետալի:
Յովհաննէս Յարութիւնեան (48 քկ), Արմէն Պօղոսեան (75 քկ) եւ Դաւիթ Սիմոնեան (86 քկ) տիրացան ոսկի մետալի:
Յարութիւնեան եւ Պօղոսեան աւարտականին իրենց կատարած մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեցին ազրպէյճանցի եւ թուրք իրենց մրցակիցներուն:
Արման Արզումանեան (54 քկ), Յարութիւն Խաչատրեան (63,5 քկ) եւ Միսաք Տեպանեան (գերծանր կշիռ) տիրացան արծաթ մետալի, մինչ պրոնզէ մետալակիր դարձան Լեւոն Վարդումեան, Արթուր Աւետիքեան եւ Արթուր Խաչատրեան:
Յառաջիկային Հայաստանի հաւաքականը, դարձեալ Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Օլիմփիաւանի մէջ` պատրաստուելու համար Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան («ԱՊՀ») երկիրներու ախոյեանութեան:


