Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի նորեկ Լիւթըն Թաուն, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբի խմբապետ, քոնկոցի միջնապահ Փելի Ռուտոք Մփանզուի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
29 տարեկան Մփանզու, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լիւթընի, այսպիսով պատմական ցուցանիշի մը հեղինակը դարձաւ` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ նոյն կազմին հետ ելոյթ կ՛ունենայ` Անգլիոյ հինգ տարբեր դասակարգերու մէջ:
Նախապէս ան իր մասնակցութիւնը բերած է Անգլիոյ «Նէյշընզ Լիկ»-ին (5-րդ դասակարգ), «Լիկ-2»-ին, «Լիկ-1»-ին եւ «Չեմփիընշիփ»-ին:


