Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար պատանեկան երկսեռ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը` երկամարտի մրցումներուն տիրանալով 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Աշոտ Մարգարեան, 102 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 312 քկ արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Անկէ առաջ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան հանդիսացած էր 16 տարեկան Էմմա Պօղոսեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրած էր 225 քկ արդիւնք մը (96+129):
Ախոյեանի կոչման արժանացած էր նաեւ Վալերիկ Մովսիսեան, որ 89 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրած էր 305 քկ (145-160) արդիւնք մը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը պատանեկան այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ մարզիչներ Երուանդ Կիրակոսեանի եւ Յարութիւն Եղոյեանի, իսկ աղջիկներու հաւաքականը` Տարօն Թովմասեանի եւ Քրիստինէ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: