Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննիսեանի անուան մարզադպրոցին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Անոր ներկայ գտնուեցան հրաւիրեալներ, նախարարներ, որոնց կարգին` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, ինչպէս նաեւ անուանի շարք մը հայ մարզիկներ:
Այս մարզադպրոցին շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2022-ի գարնան:
Անիկա նախատեսուած է 250-300 երեխաներու համար, որոնք կարելիութիւն պիտի ունենան մարզուելու ամէնօրեայ դրութեամբ:
Նշուեցաւ, որ մարզադպրոցը կը համապատասխանէ միջազգային բարձր չափանիշերուն, ունի արուեստական խոտածածկով բարձր որակի խաղադաշտ, վարչական շէնքը կը ներառէ ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգ, լսարաններ, աշխատասենեակներ, հանդերձարան եւ մարզասրահ: