Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան եւ «Նայքի» ընկերութիւնը, իրենց համագործակցութիւնը երկարաձգեցին 8 տարիով, մինչեւ 2031, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ միլանեան ակումբը ամերիկեան ընկերութենէն տարեկան պիտի ստանայ 26 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին Ինթեր «Նայքի»-էն ստացած էր 12,5 միլիոն եւրօ:
Անոնք երկուքը իրարու հետ կը համագործակցին 1998-էն ի վեր:
Նշենք, որ Իտալիոյ մէջ ամերիկեան ընկերութիւնը մարզական համազգեստ կը մատակարարէ միայն Ինթեր Միլանին: