Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ուրարտու-Երեւան, որ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին «Ուրարտու» մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Զրինժսքի Մոսթարը (Պոսնիա), անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին 89-րդ վայրկեանին 28 տարեկան խրուաթ յետսապահ` Մաթեժ Սենիչ նշանակեց հանդիպումին միակ կոլը:
Երկու կազմերուն միջեւ զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին` Պոսնիոյ Մոսթար քաղաքի Զրինսքի մարզադաշտին մէջ: