Ճափոնցի յառաջապահ Քազույոշի Միուրա, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Փորթուգալի ֆութպոլի Բ. դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերող Օլիվէյրենսէի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
56 տարեկան ֆութպոլիստը, այսպիսով պիտի մասնակցի իր արհեստավարժ ասպարէզին` 39-րդ տարեշրջանին:
Նշենք, որ Միուրա, որուն ստորագրութիւնը կը պատկանի ճափոնական Եոքոհամային, նախորդ փետրուարին փոխ տրուած էր վերոնշեալ ակումբին:
Աւարտած ախոյեանութեան, ճափոնցին փորթուգալեան կազմին հետ մասնակցեցաւ երեք մրցումի` դաշտին վրայ ներկայացում կատարելով 26 վայրկեան: