Հակառակ անոր որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով իր կրած երեք պարտութիւններուն պատճառով չյաջողեցաւ ապահովել Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, սակայն կը շարունակէ իր մրցումները դիրքերու դասաւորման գծով:
Այժմ ԺԷ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան երէկ իր կատարած առաջին մրցումին 94-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ:
Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ արձանագրուած այս յաղթանակը Լիբանանի համար այս ախոյեանութեան գծով հանդիսացաւ առաջինը, մինչ չորրորդը` աշխարհի ախոյեանութիւններուն գծով:
Ասկէ բացի, Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ Ժատ Հաժ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն տարիքով ամէնէն փոքր մարզիչը, որ յաղթանակ կ՛արձանագրէ:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 82-55 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրանը: