Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Օսասունային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի յետսապահ Ժիւլ Քունտէ (45+1-րդ) եւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (85-րդ` փենալթիով):
Պարսելոնայի 19 տարեկան ֆութպոլիստ Կաւի, որ կատարեց իր 100-րդ մրցումը, ակումբին պատմութեան մէջ նման ցուցանիշ արձանագրած ամէնէն երիտասարդ խաղացողը հանդիսացաւ:
Նոյն արդիւնքով դժուարին յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ռէալ Մատրիտ, երբ Կեթաֆէի դէմ կատարուած մրցումին, անգլիացի յառաջապահ Ժիւտ Պելինկհեմ նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը (90+5-րդ):
Ռէալ այժմ ունի տասը կէտ, մինչ 8-ական կէտ ունին Ժիրոնա (երկրորդ) եւ Պարսելոնա (3-րդ):