Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Լիոնին, արձանագրեց 4-1 արդիւնով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ? Քիլիան Էմպափէ, 4-րդ` փենալթիով եւ 45+2-րդ վայրկեաններուն:
Մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին Աշրաֆ Հաքիմի (20րդ) եւ Մարքօ Ասենսիօ (38-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Լուիս Էնրիքէի գլխաւորած կազմը կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 8 կէտով` երկու կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյէն:
Սեն Ժերմենի նման 8 կէտ ունի նաեւ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ, որ այս հանգրուանին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նանթի դաշտին վրայ: