Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի 30 տարեկան յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային:
Նշուեցաւ, որ Լուքաքու, որ տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին, տարեկան պիտի ստանայ 7,5 միլիոն եւրօ:
Ան անգլիական ակումբին հետ տարեկան կը ստանար 5 միլիոն փաունտ:
Լուքաքու, որ տարեշրջան մը առաջ փոխ տրուած էր Ա. Սէ. Միլանի, անոր հետ նշանակած էր 10 կոլ:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Չելսիի հետ, նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2026: