ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը:
Այսօր, առաջին մրցումին, Լիթուանիա կը մրցի Սերպիոյ դէմ, մինչ անոր կը յաջորդէ Իտալիա-Միացեալ Նահանգներ ճակատումը:
Վաղը, Գերմանիա իր դէմ պիտի ունենայ Քանատան, մինչ Լաթվիա` Սլովենիան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեք երկիրներու մէջ. Ճափոն, Ինտոնեզիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ: Նախորդ ախոյեանութեան տիտղոսակիրն է Սպանիա: