Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, աշխարհի դասաւորման նախկին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս, որ ներկայիս դասուած է 410-րդ, Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ 97-րդ դասուած պելճիքացի Կրիթ Մինենի դէմ:
43 տարեկան ամերիկացին, որ 24-րդ անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, կրեց 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երբեք այսքան ծանր պարտութիւն մը չէր կրած:
Իր կարգին, մրցաշարքէն դուրս մնաց ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան (66-րդ), որ պարտուեցաւ 21-րդ դասուած Ելենա Օսթափենքոյէն (Լաթվիա), 6-3, 5-7 եւ 7-5 արդիւնքով:
Թիւ 1 դասուած լեհ Իկա Սվիաթեք ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աւստրալիացի Տարիա Սավիլը:
Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա), որ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պելճիքացի Մարինա Զանեվսքան:
Տղոց մրցումներուն, 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ արձանագրեց 6-4, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը` սպանացի Պերնապէ Զափաթա Միրայեսի դէմ:
Զուիցերիացի Տոմինիք Սթեֆան Սթրիքըր ստեղծեց անակնկալ մը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփասը (7-րդ), անոր դէմ արձանագրելով 7-5, 6-7, 6-7, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: