Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 20-րդ դասուած Ելենա Օսթափենքօ (Լաթվիա) ստեղծեց մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալներէն մէկը, երբ 3-6, 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 1 դասուած լեհ Իկա Սվիաթեքը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, ան հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ պիտի կորսնցնէ պարագլուխի դիրքը, 75 շաբաթ հոն մնալէ ետք:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքը պիտի գրաւէ Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա):
Տղոց դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով 105-րդ դասուած խրուաթ Պորնա Կոժոն:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ 9-րդ դասուած ամերիկացի Թէյլըր Ֆրից: