Թենիսի «Տէյվիս» բաժակի տղոց մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուանին, ուր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր ըստ երեւոյթին տիտղոս մը եւս պիտի աւելցնէ Իտալիոյ հետ, ուր աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Նետերլանտները:
Քառորդ աւարտականին Իտալիա դուրս ձգած էր Արժանթինը (2-1), իսկ կիսաւարտականին Աւստրալիան (2-0):
Նետերլանտներ, որուն մաս կը կազմեն թիւ 80 դասուած Պոթիք ֆան տը Զանթցխուլփ եւ թիւ 40 Թաոն Կրիքսփուր, քառորդ աւարտականին դուրս ձգած էր Նատալի եւ Ալքարասի Սպանիան (2-1):
Ֆան Տը Զանթցխուլփ պարտութեան մատնած էր Նատալը, որ իր ասպարէզի վերջին մրցումը կատարեց, մինչ Ալքարաս յաղթած էր Կրիքսփորի, սակայն զոյգերու մրցումին Ալքարաս – Կրանոլերս զոյգը 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով պարտուած էր Քուլհոֆ – Ֆան տը Զանթցխուլփ զոյգէն:
Կիսաւարտականին Նետերլանտներ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ, որ կը խաղար առանց թիւ 2 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւի (վիրաւոր):


