Մարոքի ազգային խումբը, Ափրիկէի Ազգերու լիկայի մրցումներուն, 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ Լեսոթոյի դէմ:
Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Պրահիմ Տիաս հեթ-թրիք իրագործեց` կոլեր նշանակելով 5-րդ, 15-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն: Պրահիմ Տիաս 8-րդ անգամ ըլլալով կրած է Մարոքի ազգային խումբին շապիկը, նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:
Նշենք, որ անակնկալ արդիւնքով մը Ռուանտա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Նիկերիան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, այս վերջինիս դաշտին վրայ:


