Նոր Զելանտայի ազգային խումբը կը շարունակէ մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնել իր մրցակիցները` 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Քանի մը օր առաջ 8-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վանուաթուին, Նոր Զելանտա 0-8 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սամոայէն: Նոր Զելանտայէն յատկապէս կը փայլի Նոթինկհամ Ֆորեսթի յառաջապահ Քրիս Վուտ, որ Վանուաթուի դէմ տուպլէ մը կատարած էր, իսկ վերջին մրցումին հեթ-թրիք մը իրագործեց:
Նշենք, որ Քրիս Վուտ այս տարեշրջանին իր կատարած մրցումներուն` Ֆորեսթի եւ ազգային խումբին հետ (17 մրցում), նշանակած է 15 կոլեր:


