«Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս երէկ հերոսական պայքարէ մը ետք կրցաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզը պարտութեան մատնել 120-117 արդիւնքով:
Ասիկա Քլիվլենտի առաջին պարտութիւնն էր այս տարեշրջանին 15 յաջորդական յաղթանակներէ ետք: Խումբը սուր պայքար մղեց եւ 21 կէտի առաւելութիւնը 2-ի նուազեցուց, բայց Սելթիքս 3 կէտնոցներու «փառատօն»-ով միայն կրցաւ զսպել Քեվելիրզի պայքարը: Սելթիքս 22 երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց այս մրցումին, որուն ընթացքին Ճէյսըն Թէյթըմ 6 յաջող երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց` ձեռք ձգելով ընդամէնը 33 կէտ եւ 12 ռիպաունտ: Տոնավըն Միչել 33 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի:
Պրուքլին Նեթց 116-115 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին, ուր Քամերոն Ճոնսըն 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նեթցի:
Տալաս Մեւրիքս 132-91 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Լուքա Տոնչիչի վերադարձով, Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ:
Տոնչիչ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր 15-րդ մրցումին:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Եութա Ճեզ 124-118
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 110-104
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 132-91
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 110-122
Պրուքլին Նեթց – Չարլոթ Հորնեթց 116-115
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 120-117


