Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Զուիցերիա` 3-2

November 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ ազգային խումբը, հակառակ անոր որ մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով կը խաղար, 3-2 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Զուիցերիոյ, որ փոխադրուեցաւ Բ. կարգի խումբերուն, գրաւելէ ետք խմբակի 4-րդ դիրքը: Երեմի Փինօ, Պրայան Խիլ եւ Պրայան Սարակոսա նշանակեցին Սպանիոյ կոլերը:

Նոյն խմբակէն Դանիա կրցաւ 0-0 արդիւնքով հեռանալ Սերպիոյ դաշտէն եւ Սպանիոյ հետ հասնիլ քառորդ աւարտական, մինչ Սերպիա պիտի խաղայ փլէյ-օֆի մրցում:

Փորթուգալ իր կարգին փոփոխութիւններ կրած կազմով մեկնեցաւ Խրուաթիա եւ 1-1 արդիւնքով հաւասար աւարտեց մրցումը: Ժոաօ Ֆելիշ 33-րդ վայրկեանին նշանակած էր Փորթուգալի կոլը, մինչ Բ. կիսախաղին Խրուաթիա շատ աւելի ճնշեց Փորթուգալի բերդին վրայ, սակայն Կվարտիոլի երկու կոլերէն միայն մէկը նկատի առնուեցաւ, եւ Խրուաթիա 1-1 արդիւնքով աւարտեց մրցումը, սակայն Փորթուգալի հետ միասին հասաւ քառորդ աւարտական:

Լեհաստան առանց վիրաւոր Լեվանտովսքիի յաջորդական իր երկրորդ պարտութիւնը կրեց` այս անգամ իր դաշտին վրայ պարտուելով Սկովտիայէն:

Մաքկին եւ Ռոպերթսըն նշանակեցին Սկովտիոյ կոլերը, մինչ Փիաթքովսքի` Լեհաստանի միակ կոլը: Այս արդիւնքէն ետք, Լեհաստան իջաւ Բ. կարգ, մինչ Սկովտիա պիտի մրցի փլօյ օֆի մրցումներուն:

Օրուան ամէնէն ուրախ խումբն էր Սան Մարինօ, որ 4-րդ կարգին գծով կը մրցէր Լիխթընշթայնի մէջ:

Կիսախաղին 1-0 արդիւնքով պարտուած Սան Մարինօ կրցաւ 3 կոլ նշանակել եւ յաղթել` պատմական ցուցանիշ մը հաստատելով:

Սան Մարինօ, որ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը կը գրաւէր, առաջին անգամ ըլլալով 3 կոլ կը նշանակէր մէկ մրցումի ընթացքին: Այս արդիւնքը պատճառ դարձաւ, որ Սան Մարինօ գրաւէ խմբակի առաջին դիրքը` անցնելով Լիխթընշթայնի եւ Ճիպրալթարի:

Նշենք, որ Սան Մարինօ, որ 1990-էն ի վեր մաս կը կազմէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի եւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած մրցաշարքերուն, իր պատմութեան միայն 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց պաշտօնական խաղերու գծով: Լիխթընշթայնի դէմ առաջին մրցումին, Սան Մարինօ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր` առանց յաղթանակի 140 մրցումներու երկար շարքէն ետք:

Ստորեւ` երկուշաբթի գիշերուան մրցումներուն արդիւնքները.

Խրուաթիա – Փորթուգալ 1-1
Լեհաստան – Սկովտիա 1-2
Սերպիա – Դանիա 0-0
Սպանիա – Զուիցերիա 3-2
Պուլկարիա – Պիելոռուսիա 1-1
Քոսովօ – Լիթուանիա 1-0
Լիւքսամպուրկ – Հիւսիսային Իրլանտա 2-2
Ռումանիա – Կիպրոս 4-1
Լիխթընշթայն – Սան Մարինօ 1-3

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Քննարկած Են «Այլմոլորակայիններու Ստորջրեայ Ռազմակայաններու Գոյութեան» Հարցը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.