Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, աշխարհի ախոյեան (2018) եւ այժմու Լոս Անճելըս ակումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու իր մարզաշապիկը տրամադրած է Հայկական բարեսիրական միութեան աճուրդի:
Ֆրանսահայ «Հայաստան մետիա» կը նշէ, թէ Ժիրու Լոս Անճելըսի իր մարզաշապիկը, որուն հետ խաղցած է Միացեալ Նահանգներու բաժակի աւարտական մրցումին, նուիրած է Հայկական բարեսիրական միութեան:
«Յոյս ունիմ, որ լրջօրէն մտահոգ ըլլալով կը մասնակցիք այս աճուրդին` ի նպաստ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն` Արեւելքի եւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ», ըսած է Ժիրու:
Անցեալ տարի եւս, Ժիրու նման նախաձեռնութիւն կատարած էր Ա. Սէ. Միլանի իր շապիկը աճուրդի տալով ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի: Այդ ժամանակ անոր շապիկը ծախուած էր 35 հազար եւրոյի:


