Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Շանթ Սարգսեան կը մնայ առաջին դիրքին վրայ, Քաթարի «Մասթըրզ»-ի բաց մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանէն ետք:
9 հանգրուաններէ կազմուած այս մրցաշարքին, Շանթ Սարգսեան 4,5 կէտ ունի եւ հնդիկ վարպետ Մուրալ Քարթիքէեանի հետ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Հայկ Մարտիրոսեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, 3,5 կէտ ունին:
Նշենք, որ մրցաշարքը կ՛աւարտի 12 դեկտեմբերին:


