Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Եաննիս Անթեթոքումփոյի 37 Կէտերը Օգնեցին Պաքսին

Դեկտեմբեր 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմիրէյթց Քափ»-ի մրցումներու քառորդ աւարտականին, Միլուոքի Պաքս 114-109 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Օրլանտօ Մեճիքի դէմ եւ հասաւ Արեւելեան շրջանի աւարտական:

Յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփօ 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Միլուոքիի, որուն մարզիկներէն Տեմիըն Լիլըրտ իր 28 կէտերէն 15-ը նշանակեց վերջին մասին, դժուարութեամբ պարտութեան մատնելով Օրլանտոն, որմէ կը բացակային Փաուլօ Պանչերոն եւ գերմանացի Ֆրանց Վակնըրը:

Անթեթոքումփօ 7 ռիպաունտ եւ 4 պլոք կատարեց, մինչ Լիլըրտ 9 էսիսթ աւելցուց ի նպաստ Պաքսի, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով հասաւ Էմիրէյթց Քափի կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս մրցումի յաղթականին դէմ` Արեւելեան շրջանի աւարտականի եւ «Էմիրէյթց» բաժակի կիսաւարտականի մրցումներուն գծով: Ճէյլըն Սակզ 32 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտոյի:

Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 118-104 արդիւնքով դուրս ձգեց Տալաս Մեւրիքսը:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 39 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ տարեշրջանի իր 19-րդ յաղթանակը ձեռք ձգեց իր 24-րդ մրցումին, մինչ Տալաս իր 25-րդ մրցումին կրեց 9-րդ պարտութիւնը:

Լուքա Տոնչիչ (16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քայրի Ըրվինկ (17 կէտ) չկրցան լաւ ելոյթ ունենալ, մինչ Տալասի 18 թըրն օվըրներէն օգտուեցաւ Թանտըր նշանակելով 36 կէտ վրէժ լուծելով անցեալ եղանակի «Էն. Պի. Էյ.»-ի կիսաւարտականին Տալասէն պարտութեան համար, ուր մասնաւորապէս փայլած էր Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն եւ Տանթէ Էքսըմ, որոնք բացակայ էին երէկուան մրցումէն` հիւանդ ըլլալու պատճառով: Քլէյ Թոմփսըն 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ կրցաւ նշանակել` 19 կէտերով աւարտելով մրցումը:

Թանտըր կիսաւարտականին պիտի մրցի Հիւսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ մրցումին յաղթականին դէմ (այսօր):

Նախորդը

«Գիտակ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Ծրագիր. Խաղալով Սորվինք, Արեւմտահայերէնը Դարձնենք Մեր Ամէնօրեայ Կեանքի Մաս (ԱՄՆ)

Յաջորդը

Էնտրիք Շատ Ուրախ Չէ…

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?