Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոյըր Հաւանաբար Վերադառնայ 2025-ին

December 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պայերն Միւնիխի մարզիչ Վենսան Քոմփանի վերջերս յայտնեց, որ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր շատ հաւանական է, որ այս տարի դաշտ չներկայանայ «կարմիրներ»-ուն հետ:

«Մանուէլ Նոյըր կողոսկրի կոտրուածք ունի: Ան շատ հաւանաբար այս տարի այլեւս չխաղայ: Յոյսով ենք, որ ան յունուար 2025-ին կը վերադառնայ», ըսաւ Քոմփանի:

38 տարեկան Նոյըր անցեալ շաբթուան կիսուն Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով Պայեր Լեւերքուզընի դէմ մրցումին յարձակում մը կասեցնելու նպտակով իր քառակուսիէն դուրս եկած էր (ինչպէս միշտ) եւ փորձած էր գլխու հարուածով գնդակը հեռացնել Ճերեմի Ֆրիմփոնկին առջեւէն, սակայն վերջինս աւելի շուտ հասած էր գնդակին` պատճառ դառնալով, որ երկուքը իրար զարնուին: Իրաւարարը, ըստ օրինի, կարմիր քարտ ցոյց տուած էր Նոյըրի (իր ասպարէզի առաջին կարմիր քարտը), որ ըստ երեւոյթին կոտրած էր իր կողոսկրը` Ֆրիմփոնկի հետ բախումի պահուն:

Պայերն Միւնիխի հետ իր պայմանագրութիւնը աւարտող Նոյըր յստակ չէ, թէ պիտի շարունակէ՞ իր ասպարէզը, թէ՞ ոչ, մինչ Պայերն կ՛ուզէ յարմար փոխարինող մը գտնել խումբի մակարդակով: Պահեստի բերդապահ Ցվեն Իւլրեխ արդէն իսկ 36 տարեկան է, մինչ խումբին 3-րդ բերդապահը` Իսրայէլի ազգային բերդապահ Տանիէլ Փերեց (24 տարեկան), բաւարար փորձառութիւն չունի:

Պայերն այժմ ունի լաւ բերդապահ մը, որ Շթութկարթին փոխ տրուած է 1 տարուան համար` Ալեքսանտր Նուպել, բայց ամէն ինչ կախեալ է Նոյըրէն, թէ կ՛ուզէ՞ մնալ, թէ՞ լքել ֆութպոլը` նկատի ունենալով, որ Նուպել չի նախընտրեր պահեստի բերդապահ ըլլալ: Վերջերս Պայերնի եւ Լիվըրփուլի նախկին միջնապահ Տիթմար Համան իր կարծիքը յայտնած էր այս նիւթին շուրջ, ուր յարմար տեսած էր, որ Պայերն ձեռք ձգէ Լիվըրփուլի պահեստի բերդապահ Քուիվըն Քելեհերը, որ Այիրի ազգային խումբին բերդապահն է եւ միշտ ալ լաւ ելոյթներ ունեցած է պրազիլցի Ալիսոնի բացակայութեան: Թէ Լիվըրփուլ կամ նոյնինքն Քելեհեր կ՛ուզէ՞ միանալ Պայերնի կամ Պայերն զայն կը նկատէ՞ թէ յարմար է, Պայերնի երկու խումբերը կ՛որոշեն:

 

Նախորդը

«Ֆիֆփրօ»-ի 2024-ի Լաւագոյն 11-ին Մէջ Մեսսի Եւ Ռոնալտօ` Բացակայ

Յաջորդը

Չեմփիընզ Լիկ. Ռէալ Մատրիտ, Պայերն Միւնիխ, Լիվըրփուլ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեցին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.