Աշխարհահռչակ «Օփթա» վիճակագրական կայքը հրապարակած է Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի երթի լաւագոյն մարզիկներու անուանացանկը: Լաւագոյն մարզիկները ընտրուած են` օգտագործելով ամէն մարզիկի բոլոր դրական եւ բացասական գործողութիւններուն հանրագումարը:
Օրինակ, դրական կէտեր տրուած են կոլի (10), էսիսթի (6), թաքըլի (2), փոխանցումի համար (0,2): Բացասական կէտեր տրուած են սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակելու, քարտ ստանալու, ֆաուլ կատարելու համար եւ այլն:
Ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ազգային խումբի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան` 385 կէտով:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Էզեքիել Պարքոն: Բ. դիրքը գրաւած է իր խմբակից Մանֆրետ Ուկալտէ: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ռոստովի մարզիկ Մաքսիմ Օսիփենքոն:


