2024 տարին «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ եղաւ յատկանշական «Մաքլարեն»-ի համար, որ Լանտօ Նորիսի միջոցով դարձաւ ինքնաշարժներու աշխարհի ախոյեան 1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Ճիշդ է, որ Օսքար Փիասթրին ալ դեր ունեցած էր տարեշրջանին ընթացքին, բայց կիրակի օրուան Ապու Տապիի կրան փրիին Նորիս իր հերոսական ելոյթով իր ետին ձգեց «Ֆեռարի»-ները, որոնք իրենց կարգին կը փորձէին ախոյեան դառնալ:
Նորիս, որ իր ամբողջ ասպարէզը մասնակցած է «Մաքլարեն»-ի հետ, ճիշդ է, որ ախոյեան չդարձաւ անհատական գետնի վրայ, բայց բազմաթիւ մասնագէտներու կարծքով ան Նիքի Լաուրայի, Այրթոն Սեննայի, Ալեն Փրոսթի եւ Լուիս Համիլթընի հետ կը դասուի «Մաքլարեն»-ի պատմական անուններու կողքին:
Նորիս իր խումբը առաջնորդեց ախոյեանութեան, ուր ձախողած էին Համիլթըն, Ֆեռնանտօ Ալոնսօ եւ Ճենսըն Պաթըն: Երկու յաջող տարեշրջաններէ ետք, Նորիս այս տարեշրջանին լրջօրէն պայքարեցաւ ախոյեանութեան տիտղոսին համար` իր կայունութեամբ եւ գրեթէ անսխալ վարելու կարողութեամբ, ուր ինք եւ խումբը միասին աճեցան երրորդ տարին ըլլալով, մանաւանդ երբ Սայնց լքեց խումբը` միանալու «Ֆեռարի»-ի, ուր ան դարձաւ հիմնական վարորդը` ինքզինք փաստելով լաւագոյններու շարքին: Ան յառաջիկայ տարի յաւելեալ փորձառութեամբ կրնայ դառնալ նոյնիսկ ախոյեան:
«Ֆեռարի» վերջին մրցումին ձախողեցաւ, ինչպէս պատահեցաւ 2021-ին, երբ «կարմիրներ»-ուն միացող Լուիս Համիլթըն կորսնցուցած էր ախոյեանութիւնը վերջին կրան փրիի վերջին շրջանին: «Ֆեռարի» Համիլթընի հետ շատ աւելի լաւ արդիւնք կրնայ տալ, մանաւանդ որ ան 39 տարեկանին տակաւին կարողութիւն ունի պայքարելու, ինչ որ տեսանք Ապու Տապիի մէջ: Անցեալ տարի շատեր կասկած ունէին անոր կարողութեան վրայ, երբ անտարբեր վիճակ ունէր «Մերսետես»-ի հետ, բայց օրերը փաստեցին, թէ նոյն Համիլթընն է եւ յաղթելու ծարաւը ունի տակաւին:
Ռետ Պուլի վարորդ Մաքս Վերշթափըն ճիշդ է, որ ախոյեան դարձաւ յաջորդական 4-րդ տարին ըլալով, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ իր խմբակից Սերխիօ Փերես եղաւ խումբին տկար կէտը ձախող տարեշրջան մը բոլորելով: Նոյնիսկ կասկածներ երեւան հանելով, թէ «Ռետ Պուլ»-ի հետ իր օրերը վերջ գտած են: Նիւթեր կան, թէ Լիամ Լոսըն կրնայ զինք փոխարինել, աւելի պայքարող զոյգ ունեալու համար յառաջիկայ տարի: Մինչ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Քարլոս Սայնցը պիտի միանայ «Ուիլիամս»-ի, այս վերջինէն կը սպասուի աւելի լաւ պատրաստել ինքնաշարժը` դրական արդիւնքներու հասնելու համար: Միասնաբար վարորդ-խումբ կապը կրնայ բարելաւել նաեւ խումբին արդիւնքները:


