Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամները յաջող ելոյթներ ունեցան «Միխայիլ Վորոնին»-ի անուան բաժակի մրցաշարքին:
Մոսկուայի «Տինամօ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան դարձաւ մրցաշարքի բազմամարտի ոսկի մետալակիր:
Հայաստանի երիտասարդական ազգային խումբի անդամ Համլեթ Մանուկեան երիտասարդներու մրցումներուն բազմամարտի երրորդ դիրքը գրաւեց` շահելով պրոնզ մետալ:
Նշենք, որ ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մրցաշարքին մասնակցած են մօտ 100 մարմնամարզիկներ:


