Աշխարհի ախոյեանութեան ճակատումը հնդիկ վարպետ Կուքեշ Տոմարաճուի (Կուքեշ Տի) եւ Տինկ Լիրենի միջեւ կը շարունակուի:
4-րդ ճակատումէն 10-րդ ճակատումները հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, 11-րդ մրցումին Կուքեշ Տի կրցաւ սպիտակ քարերով 29-րդ շարժումին յաղթել այժմու ախոյեան Տինկ Լիրենի: Լիրեն, որ միայն առաջին ճակատումին կրցած էր յաղթել, միշտ ալ պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր` զարմացնելով բոլոր մասնագէտները:
18 տարեկան հնդիկ վարպետը տակաւին 3 մրցում ունի պահելու իր առաւելութիւնը 32 տարեկան չինացի վարպետին վրայ:


