Ռէալ Մատրիտի 18 տարեկան յառաջապահ Էնտրիք մտադիր չէ յունուարին վարձավճարով տեղափոխուելու ուրիշ խումբ, հակառակ անոր որ յաւելեալ ժամանակ կը ցանկայ խաղալ:
Ըստ «Մարքա»-ի, պրազիլցի Էնտրիք վճռական ձեւով տրամադրուած է խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիին ապացուցելու սպանական ակումբին հետ խաղալու իրաւունքը եւ կը ցանկայ սպասել իրեն եկած առիթին:
Էնտրիք այս տարեշրջանը կը նկատէ իբրեւ փորձութիւն` իր համբերութեան, մարմինին եւ միտքին համար: Եթէ ան դարձի մրցումներուն ալ բաւարար ժամանակ դաշտ չներկայանայ, յառաջիկայ ամառ իր ասպարէզը շարունակելու բոլոր հաւանական տարբերակները պիտի ուսումնասիրէ:
Այս տարեշրջանին Էնտրիք 13 մրցումներու մասնակցեցաւ` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Միւս կողմէ, Անչելոթթի յայտնեց, որ իրենք յունուարին Ռէալ Մատրիտէն ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ժամանակ Արտա Կիւլերը եւ Էնտրիքը պիտի չտան որեւէ խումբի:
«Էնտրիքն ու Արտա Կիւլերը Ռէալէն պիտի չհեռանան, անոնք պիտի մնան յունուարին: Ես երիտասարդ մարզիկներու դէմ բան չունիմ: Իմ մարզիչի ասպարէզիս ընթացքին շատ առիթ տուած եմ երիտասարդ խաղցողներու», ըսաւ Անչելոթթի:
Նշենք, որ Կիւլեր այս տարեշրջանին 17 մրցումներու Ռէալի հետ` նշանակելով 1 կոլ եւ կատարելով 1 էսիսթ: