Ճատրակ. Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն
Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպուած Աշոտ Անասթազեանի յիշատակին նուիրուած Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը: Ըստ «Արմենփրես»-ի, ախոյեան դարձաւ վարպետ Արամ Յակոբեան, որ 7 կարելի կէտերէն 6-ը ապահովեց: Վարպետներ Շանթ Սարգսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան 5.5 կէտ ապահովեցին: Լրացուցիչ ցուցանիշներով փոխախոյեան դարձաւ Շանթ Սարգսեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Զաւէն Անդրէասեան: Ռոպերթ Փիլիպոսեան...




















