Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ 52 Կէտեր Նշանակեց, Սակայն Օքլահոմա Պարտուեցաւ Ուորիըրզէն

January 31, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու լաւագոյն խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը:

Սթեֆ Քըրրի բաւական հեռուէն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց մրցումի աւարտէն 1,52 վայրկեան առաջ` աւելի հեռանալով եւ ապահովելով առաւելութիւնը (9 կէտ) Թանտըրի վրայ: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 52 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ առաջին մասին 14 կէտի առաւելութիւն ունէր Ուորիըրզի վրայ:

Սթեֆ Քըրի (21 կէտ), Էնտրու Ուիկինզ (27 կէտ), Քեւըն Լունի (18 կէտ) եւ Կերի Փէյթըն (15 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) շատ լաւ ելոյթ ունեցան` անակնկալի բերելով Օքլահոման:

Օքլահոմայէն Այզիա Հարթընսթին 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Թանտըր վերջին 6 մրցումներուն 3-րդ պարտութիւնը կրեց:

Նիւ Օրլինզի մէջ Տալաս Մեւրիքս կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ 137-136 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 25 կէտ նշանակեց` յաջողցնելով իր 3 կէտնոց 4 կողովները 4-րդ մասին, եւ Քայրի Ըրվինկ 25 կէտ եւ 6 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տալասի, որ մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան առաջ 115-105 արդիւնքով յառաջացած էր:

Թրէյ Մըրֆի 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Օրլինզի, եւ Զայոն Ուիլիամսըն 29 կէտ ձեռք ձգեց 28 վայրկեաններու ընթացքին:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ վերադարձաւ առաջին դիրք` 20 կէտով յաղթական վերադառնալէ ետք Մայեմի Հիթի դաշտէն (126-106): Տոնովըն Միչել 34 կէտ նշանակեց, մինչ Թայլըր Հերրօ 22 կէտ նշանակեց Մայեմիի հաշուոյն:

Նիւ Եորք Նիքս շարունակեց իր յաղթանակներու շարքը` յաղթելով Տենվըր Նակեթցին (122-112): Ճէյլըն Պրանսըն 30 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց, մինչ Տենվըրի լաւագոյնն էր Ճամալ Մորէյ 33 կէտ:

Ֆիլատելֆիա իր կարգին յաղթանակ մը եւս տօնեց` 11-104 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքրամենքօ Քինկզին: Թայրիս Մեքսի 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի, մինչ Տոմանթաս Սապոնիս 13 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ նշանակեց` իրագործելով թրիփըլ-տապըլ մը` իր 8-րդը այս տարեշրջանին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 82-106
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 133-119
Չարլոթ Հորնեթց – Պրուքլին Նեթց 83-104
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 117-104
Նիւ Եորք Նիքս – Տենվըր Նակեթց 122-112
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 106-126
Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ 122-100
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 116-128
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Տալաս Մեւրիքս 136-137
Ֆինիքս Սանզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-121
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 116-109

Նախորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Փլէյ Օֆի Վիճակաձգութիւնները Առանց Մասնաւոր Անակնկալներու` 8-րդ Հանգրուանին

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.