Լիվըրփուլ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 24-րդ հանգրուանին իր 17-րդ յաղթանակը արձանագրեց, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պորնմաութը, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Պորնմաութ Բ. կիսախաղին աւելի լաւ էր քան Լիվըրփուլ, որ քիչ մը բախտաւոր պէտք է զգայ, որ իրաւարարը 30-րդ վայրկեանին փենալթի մը «նուիրեց», որուն շնորհիւ Սալահ նշանակեց տարեշրջանի իր 21-րդ կոլը: 75-րդ վայրկեանին Մոհամետ Սալահ Քըրթիս Ճոնչի փոխանցումէն ետք նշանակեց «կարմիրներ»-ուն 2-րդ կոլը: Այս տարեշրջանին ամէն ինչ կ՛ընթանայ Լիվըրփուլի հաշուոյն, եւ ըստ երեւոյթին մնացեալ 15 մրցումներուն ալ եթէ ան պահէ իր այս ընթացքը, պէտք է 20-րդ տիտղոսը շահի հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի 20 տիտղոսներուն:
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 20-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայէրն Միւնիխ 4-0 արդիւնքով յառաջանելէ ետք մինչեւ 54-րդ վայրկեան, Մուսիալայի, Քէյնի (2) եւ Կնապրիի կոլերէն ետք, Պայերն ոչ միայն չկրցաւ կոլերու քանակը աւելցնել, այլ ստացաւ 3 կոլեր, 2-ը` 90-րդ վայրկեանէն ետք…
Տորթմունտ վերջին ձախող արդիւնքներէն ետք վերջապէս վերադարձաւ յաղթանակներու շարքին, եւ շաբթուան կիսուն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի յաղթանակէն ետք, շաբաթ օր «Պունտըսլիկա»-ի գծով ալ յաղթանակ արձանագրեց Հայտընհայմի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով:
Սերհու Կերասի եւ Մաքսմիլիան Պայեր նշանակեցին Տորթմունտի 2 կոլերը մինչ Մաթիաս Մոնսաք նշանակեց Հայտընհայմի միակ կոլը:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 20-րդ հանգրուանին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի իր մրցակից Պրեսթը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Օսման Տեմպելէ, որ իր ասպարէզի ամէնէն լաւ օրերուն մէջ կը գտնուի, հեթ-թրիք իրագործեց մինչեւ 62-րդ վայրկեան, որմէ 5 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ փորթուգալցի Կոնսալօ Ռամուով: Ռամոս շարունակեց Տեմպիլի գործը եւ նշանակեց 2 կոլ 89-րդ եւ 97-րդ վայրկեաններուն: Պրեսթ, երկու կոլերը նշանակեց շնորհիւ Ռոմեն Տել Քասթիյոյի եւ Լուտովիք Աժորքի:
Մոնաքօ իր յաջորդական 2-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց «Լիկ 1»-ի գծով եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Օքսեռին: Թիլօ Քեհրեր եւ դանիացի Միքա Պիրեթ (3) նշանակեցին Մոնաքոյի 4 կոլերը, մինչ Տիոմանտ եւ Ժուպալ Ժունիոր` Օքսեռի 2 կոլերը: Նշենք, որ Օքսեր կիսախաղին 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր:
Սպանիոյ «Լա Լիկա»-յի 22-րդ հանգրուանին, Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնայի մէջ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Էսփանիոլէն, որ վտանգաւոր գօտիէն քիչ մը հեռացաւ: Ամբողջ մրցումին Էսփանիոլ 2 անգամ վտանգեց Ռէալի բերդը եւ 85-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ պաշտպան Քարլոս Ռոմերոյի, որ հակայարձակումով նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Պէտք է ըսել, որ նոյնինքն Ռոմերօ կոշտ ձեւով ֆաուլ մը կատարած էր Քելիան Էմպափէի վրայ, սակայն իրաւարարը անոր միայն դեղին քարտ տուած էր: Ըստ երեւոյթին, Ռէալ Մատրիտի համակիրները որոնք շատ վատ ձեւով վարուեցան իրաւարարին հասցէին, ընդհանրապէս իրաւարարներու սխալներու չեն հանդիպած… Հետաքրքրականը հոն է, որ մինչեւ իսկ մարդիկ կոչ ուղղեցին, որ իրաւարարը կախակայուի, մոռնալով, որ մրցակից խումբեր միշտ ալ կը գանգատէին Ռէալի ի նպաստ սուլող իրաւարարներուն (անշուշտ իրենց կարծիքով):
Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 2-0 արդիւնքով մատնեց Մայորքան: Սամուէլ Լինօ եւ Անթուան Կրիզման նշանակեցին Աթլեթիքոյի կոլերը, որուն շնորհիւ 4 կէտի նուազեցաւ Ռէալի հետ տարբերութիւնը:
Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ալավեսը:
Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Անգամ մը եւս Պարսելոնա կորսնցուց միջնապահ Կաւին, որ 14-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ: Ռէալ Մատրիտի գերմանացի պաշտպան Անթոնիօ Ռուտիկըր իր կարգին վիրաւորուած էր մրցումի 15-րդ վայրկեանին:


