Լիբանանի համալսարաններու պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ նշանակած է նոր մարզիչ մը` ՀՄԸՄ-ի տղոց մարզիչ Ճօ Մոժահեսը` իբրեւ ազգային խումբի մարզիչ, որ պիտի մասնակցի Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք համալսարաններու ամառնային խաղերու մրցաշարքին:
Այս տարի ամառնային խաղերը տեղի կ՛ունենան Ռայն-Ռոր շրջանին մէջ, ուր փոքր ողիմպիականի նման 18 տեսակ մարզաձեւերու մէջ 234 տեսակ մրցումներ տեղի կ՛ունենան համալսարաններու միջեւ:
Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Զիատ Սաատէ (ֆետերասիոնի նախագահ) խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Գիտնալով որ մեծ եւ կարեւոր մրցաշարք մըն է, պէտք ունէինք մարզիչի մը, որ լաւ ձեւով կը հասկնայ եւ գիտէ համալսարանի պասքեթպոլը, ինչպէս նաեւ գիտէ հոն գտնուող լաւագոյն մարզիկները, անշուշտ ունենալով միջազգային փորձառութիւն: Մենք այժմ ուրախ ենք, որ մարզիչ Ճօ մեզ պիտի գլխաւորէ միջազգային այս մրցաշարքին` բաւական սպասուած այս մրցաշարքին մասնակցելու առիթը ունենալէ ետք: Ձմեռնային վերջին խաղերուն` Թորինոյի մէջ, անպայման կ՛ուզէինք ըլլալ այս ընտրուած 16 խումբերէն մէկը, եւ մեր նպատակին հասանք, եւ այդ պատճառով ալ պէտք է անպայման յաջողցնենք մեր մասնակցութիւնը»:
Իր կարգին, մարզիչ Ճօ Մուժահես ըսաւ. «Ես շատ լաւ գիտեմ այս մրցաշարքի կարեւորութիւնը` իբրեւ միջազգային մրցաշարք, եւ պասքեթպոլի այս մրցաշարքին Լիբանանի վերադարձի յաջողութեան պատճառն ալ տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին յաջողութիւններն են, ուր Լիբանանի ազգային խումբը միջազգային պասքեթպոլի խումբերու մէջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, բան մը, որ առիթ տուաւ հրաւիրուելու ընտրեալ այս 16 խումբերու կողքին, մինչ Չինաստանի նման զօրաւոր խումբերու պարագային սպասողական ցանկի վրայ դրուած է իրենց անունը»:
Նշենք, որ Ճօ Մուժահես, որ այժմ ՀՄԸՄ-ի տղոց մարզիչն է, 2001-ին Փեքինի մէջ ապրած էր այս մթնոլորտը իբրեւ մարզիկ, ինչպէս նաեւ ան մարզած է տղոց ազգային խումբը վերջին տարիներուն:


