Վերջին ժամերուն անակնկալ լուր մը շրջան ըրաւ, երբ Տալաս Մեւրիքս իր 25 տարեկան սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչը փոխանակեց Լէյքըրզի Անթոնի Տէյվիսի հետ, ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի:
5 անգամ «Օլ Սթար»-ի աստղ Տոնչիչ, որ Տալասը դէպի աւարտական առաջնորդած էր անցեալ տարի, 40 տարեկան Լըպրոն Ճէյմսի հետ պիտի խաղայ Լէյքըրզի հետ:
Տոնչիչի միացումով, Լէյքըրզ պիտի ունենայ Լըպրոն Ճէյմսին փոխարինող անուն մը, որ տարիներով կրնայ ըլլալ Լէյքըրզի հերոսը:
Միւս կողմէ, Տալասի ընդհանուր տնօրէն Նիքս Հարիսըն յայտնած է որ Անթոնի Տէյվիսի միացումը շատ կարեւոր քայլ մըն է պաշտպանողականը զօրացնելու: «Կը հաւատամ, որ պաշտպանողականը կրնայ տիտղոսներ շահիլ: Կը հաւատամ, որ պաշտպանողական լաւ սենթըր մը ձեռք բերելով աւելի յոյս կ՛ունենանք տիտղոսին համար պայքարելու: Մենք պատրաստ ենք շահելու հիմա եւ ապագային», ըսաւ Հարիսըն:
«Ի. Էս. Փի.Էն.»-ի համաձայն, Տալաս ձեռք ձգեց նաեւ Մաքս Քրիսթին եւ 2029-ի Տրաֆթէն խաղցող մը, մինչ Լէյքըրզին միացած են նաեւ Մաքսի Քալիպեր եւ Մարքիֆ Մորիս:
Տոնչիչ, որ 25 դեկտեմբերէն ի վեր մրցում չէ կատարած վիրաւոր ըլլալով, 28,1 կէտ, 8,3 ռիպաունտ եւ 7,8 էսիսթ ձեռք կը ձգէր միջին հաշուով, մինչ 31 տարեկան Տէյվիս, որ 6 տարիէ մաս կը կազմէր Լէյքըրզի, 25,7 կէտ, 11,9 ռիպաունտ եւ 3,4 էսիսթ ձեռք կը ձգէր այս տարեշրջանին միջին հաշուով: