Վերջերս «Մաքթա»-ն յայտնեց, որ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ն զգալիօրէն բարձրացուցած է նոր մրցաշարքին մրցանակային գումարները:
Բոլոր մասնակից խումբերուն հաստատուած եկամուտը կազմած է 18,62 միլիոն եւրօ (նախապէս 15,64 միլիոն): Ակումբներուն վճարուած է նաեւ 2,1 միլիոն եւրօ յաղթանակի համար եւ 700 հազար եւրօ հաւասարութեան պարագային:
Բացի ասոնցմէ, կայ նաեւ 183,15 միլիոն եւրօ, որ «Եու.է. Էֆ.Ա.»-ն բաժնեց դասաւորման մէջ ակումբներուն գրաւած վերջնական դիրքերուն համեմատ: Օրինակ` Լիվըրփուլ ստացած է 9,9 միլիոն եւրօ առաջին դիրքը գրաւելուն պատճառով, իսկ 275 հազար եւրօ Եանկ Պոյզ Պեռն վերջին դիրքը գրաւելուն համար:
Փլէյ օֆի հասնող խումբերը ստացան 11-ական միլիոն եւրօ, մինչ առաջին 8 դիրքեր գրաւող խումբեր` յաւելեալ 2 միլիոն եւրօ պոնիւս:
Ստորեւ` լաւագոյն դիրքերը գրաւող խումբերը իրենց վաստկած եկամուտով.-
1.- Լիվըրփուլ 56,2 միլիոն եւրօ
2.- Պարսելոնա 54,5 միլիոն եւրօ
3.- Արսենալ 54,2 միլիոն եւրօ
4.- Ինթեր Միլան 53,9 միլիոն եւրօ
5.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 53 միլիոն եւրօ
6.- Պայեր Լեւերքուզըն 51.3 միլիոն եւրօ
7.- Լիլ 51 միլիոն եւրօ
8.- Ասթոն Վիլա 50,7 միլիոն եւրօ
9.- Աթալանթա 37,8 միլիոն եւրօ
10.- Տորթմունտ 37,5 միլիոն եւրօ
11.- Ռէալ Մատրիտ 37,2 միլիոն եւրօ
12.- Պայէրն Միւնիխ 36,9 միլիոն եւրօ
13.- Ա. Սէ. Միլան 36,7 միլիոն եւրօ
14.- ՓՍՎ Այնտհովըն 35,7 միլիոն եւրօ
15.- Փարիզ Ս. Ժ. 34,7 միլիոն եւրօ
16.- Պենֆիքա 34,4 միլիոն եւրօ
17.- Մոնաքօ 33,2 միլիոն եւրօ
18.- Պրեսթ 32,9 միլիոն եւրօ
19.- Ֆեյենուրտ 32,6 միլիոն եւրօ
20.- Եուվենթուս 31,6 միլիոն եւրօ
21.- Սելթիք 31,4 միլիոն եւրօ
22.- Մանչեսթըր Սիթի 30,4 միլիոն եւրօ
23.- Սփորթինկ Լիզպոն 30,1 միլիոն եւրօ
24.- Պրիւժ 29,8 միլիոն եւրօ


