Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Ծանր Պարտութեան Մատնեց Մանչեսթըր Սիթին. Ինթեր Վերջին Վայրկեանին Նշանակեց Հաւասարութեան Կոլը

February 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 24-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 5-1 ծանր պարտութիւն կրեց Արսենալի դաշտին վրայ, անակնկալ արդիւնքով մը:

«Ես միայն տխուր եմ մրցումի վերջին 25 վայրկեաններուն համար: Կարծես մոռցած էինք, թէ ի՛նչ պէտք է ընէինք եւ ի՛նչ կ՛ընէինք 65-70 վայրկեաններուն ընթացքին: Վստահաբար դժուար էր սկսիլ մրցումը: Առաջին 10-15 վայրկեաններէն ետք սկսանք շատ լաւ խաղալ: Մրցումի մթնոլորտին մէջ մնացինք եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարեցանք: Բայց յետոյ` սխալ փոխանցում… ետ մնացինք եւ… երրորդ կոլ… ցաւալի էին վերջին 15-20 վայրկեանները, բայց միւս կողմէ` լաւ խումբի դէմ խաղցանք: Դժուար թէ ընդունիմ արդիւնքը, երբ նայիմ ցուցատախտակին:

Չես կրնար կորսնցնել վերահսկողութիւնը, պէտք է 90-95 վայրկեան կայուն ֆութպոլ խաղաս: Պէտք չէ աւարտես հանդիպումը այնպէս, ինչպէս աւարտեցինք մենք», ըսաւ դժգոհ Կուարտիոլա, որ Սիթիի հետ 6 անգամ ախոյեան դարձած է վերջին 7 տարիներուն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Սիթի 2016-էն ի վեր 34 կոլէն աւելի չէր ստացած ամբողջ տարեշրջանին (38 մրցում), մինչ այս տարի 24 մրցումներէ ետք 35 կոլ ստացած է…

2-րդ վայրկեանէն Արսենալի խմբապետ Մարթին Օտըկաարտ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:

55-րդ վայրկեանին Օտըկաարտի ազգակից Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը, բայց հազիւ 1 վայրկեան ետք Թոմաս Փարթի նշանակեց 2-1-ի կոլը: 62-րդ վայրկեանին Մայլզ Լուիս – Սքելի (18 տարեկան), ապա Քայ Հավերթց (76-րդ վայրկեանին) եւ Իթըն Նուարենի (93-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Արսենալի կոլերը` մրցումը աւարտելով 5-1 արդիւնքով:

Մանչեսթըր քաղաքի Եունայթըտը իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քրիսթըլ Փելեսէն` ֆրանսացի Ժան-Ֆիլիփ Մաթեթայի տուպլէին շնորհիւ:

Ստորեւ` 24-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի 5-1
Պրենթֆորտ – Թոթենհամ 0-2
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Քրիսթըլ Փելես 0-2
Վուլվզ – Ասթոն Վիլա 2-0
Պորնմաութ – Լիվըրփուլ 0-2
Էվըրթըն – Լեսթըր Սիթի 4-0
Իփսուիչ – Սաութհեմփթըն 1-2
Նիւքեսըլ – Ֆուլհամ 1-2
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պրայթըն 7-0

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Լիփըրփուլ 56 (56-21)
2.- Արսենալ 50 (49-22)
3.- Նոթինկհամ Ֆորեսթ 47 (40-27)
4.- Մանչեսթըր Սիթի 41 (48-35)
5.- Նիւքեսըլ 41 (42-29)

Իտալիոյ ախոյեանութեան 23-րդ շաբթուան մրցումներուն, Միլանոյի տերպիին, ախոյեան Ինթեր Միլան դժուարութիւն ունեցաւ կոլ նշանակելու Ա. Ս. Միլանի դէմ, որ կիսախաղէն քիչ մը առաջ Թիյանի Ռէյնտըրզի շնորհիւ կոլ մը նշանակեց:

Ինթեր կը ճնշէր եւ կոլեր ալ կը նշանակէր, սակայն օֆ-սայտի պատճառով անոնք չէին վաւերացուեր: Աւելի՛ն, Ա. Սէ. Միլանի ֆրանսացի բերդապահ Մայք Մենիանի հերոսութիւններուն կողքին, անոր բերդի սիւներն ալ քանի մը առիթով զսպեցին Ինթերի ստոյգ կոլերը: Ի վերջոյ 93-րդ վայրկեանին նետերլանտցի կեդրոնի յետսապահ Սթեֆան Տը Վրայ նշանակեց Ինթերի հաւասարութեան կոլը:

Այլ «տաք» մրցում մըն էր Ա. Էս. Ռոմայի եւ Նափոլիի միջեւ: Այս մրցումը անգամ մը եւս յաւելեալ վայրկեաններուն վճռուեցաւ, երբ Ռոմա նշանակեց հաւասարութեան կոլը սպանացի Անճելինոյի շնորհիւ: Նախապէս Լէոնարտօ Սփինացոլա նշանակած էր Նափոլիի կոլը 29-րդ վայրկեանին:

Այս արդիւնքներէն ետք Նափոլի պահեց իր 3 կէտերու առաւելութիւնը Ինթերի վրայ, մինչ Աթալանթա 4 կէտով ետ կը մնայ Ինթերէն 3-րդ դիրքի վրայ:

Գերմանիոյ ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Հոֆենհայմի վրայ, եւ 6 կէտի իր տարբերութիւնը պահեց առաջին դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխի ետին:

Պոնիֆաս, Ֆրիմփոնկ եւ Շիք նշանակեցին Լեւերքուզընի կոլերը:

Ֆրանսայի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Բ. դիրքը գրաւող Մարսէյ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիոնը: Կրինվուտ, Ռապիօ եւ Լուիս Էնրիքէ նշանակեցին Մարսէյի կոլերը, մինչ Թոլիսօ եւ Լաքազեթ` Լիոնի կոլերը: Մարսէյ 10 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմենէն:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ 40-ի Հասցուց Յաղթանակներու Իր Թիւը

Յաջորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.